2008-11-14 13:20:06

Պօղոս առաքեալի յոբելենական տարին` խորհրդածութիւն –Ս. Պօղոսի թուղթերը


Պօղոս Առաքեալի անունը եւ քարոզութիւնը անմահացողները, բացի ընդարձակ առաքելական քարոզութենէն, առաւելաբար իր թուղթերն են, այսինքն Ս. Պօղոսի անունով մեզի հասած տասնչորս նամակները, զորս ուղղած է իր հիմնած եկեղեցիներուն եւ կարգ մը անձերուն։ Այս նամակները որքան մեծ Առաքեալի ներքին ապրումներուն եւ նկարարի գիծերուն հետաքրքրական աղբիւրներ են, նոյնքան ալ Քրիստոնէական աստուածաբանութեան եւ բարոյական ուսուցումի անսպառ շտեմարան են։

Ս. Պօղոսի թուղթերը կը բաժնուին երեք տեսակներու. մտերմական թուղթեր, ինչպէս Փիլիմոնի նամակը, հասարակութիւններու ուղղուած նամակներ եւ ծաւալուն ընդլայնումներ։

Գալով նամակներու դասական ձեւին, սկիզբի եւ վերջաւորութեան ողջոյններուն, Ս. Պօղոս կաւելցնէ աստուածաբաանական եւ բարոյական խորհրդածութիւններ։ Նամակները գրել կու տար պապիրոսներու վրայ եւ վերջաւորութեան իր ձեռքով ողջոյններ եւ մաղթանքներ կաւելցնէ։

Սուրբ Պօղոս ժամանակ եւ պատեհութիւն չունէր անձամբ ներկայ ըլլալու հասարակութեան մէջ, ամէն անգամ որ հոն ծագէին հարցեր կամ տարակարծութիւններ։ Ուստի այս հարցերը կը լուծեր նամակներով։ Ասոր համար նամակներուն մէջ կան երբեմն անցքեր կամ ակնարկութիւններ, որոնք յստակ էին ժամանակակից ընթրցողին, բայց մեզի համար կը մնան մութ եւ անհասկնալի։ Սուրբ Պօղոսի մեզի հասած գրութիւնները ամբողջութիւնը չեն իր նամակներուն։ Երբեմն ակնարկութիւններ ունի րութիւններու, որոնք կորսուած են։

Իսկ ինչ որ կը վերաբերի թուղթերու պարունակութեան, կարելի է ըսել որ, Սուրբ Պօղոս ամբողջ իր կարողութիւնը եւ զորութիւնը դրաւ Աստուծոյ Արքայութիւնը քարոզելու։ Եղաւ արդարեւ եւ իրաւամբ Ծառայ Յիսուսի Քրիստոսի, ինչպէս կը սիրէ կոչել ինքզինքը իր նամակներուն սկիզբը։ Յստակօրէն ըմբռնած ըլլալով քրիստոնէական կրօնքի մաքուր եւ վսեմ ոին անոր տիեզերական եւ ոգեղէն բնոյթը եւ Քրիստոսի բերած փրկութեան բարիքները անձամբ եւ ամէնէն աւելի ինք ճաշակաղ ըլլալով՝` զայն նկատեց բերուած բոլոր մարդոց համար անխտիր՝` հրէի եւ հեթանոսի, արուի եւ իի, ծառայի եւ տիրոջ, ուստի այս համոզումը գոյացուց, թէ այլեւս վերջ տած է դերը հրէական կրօնքին, որուն կարելի է հաղորդ դառնալ լոկ հաւատքով։ Այս բառը՝` ՀԱՒԱՏՔԸ, հիմնական տեղը կը գրաւէ անոր ուսուցման մէջ։

Սիրելի հայրենակիցներ, մեր յաջորդ նիւթը պիտի ըլլայ Սուրբ Պօղոսի Հրոմէացիներու եւ Կորնթացիներուն ուղղած թուղթերուն մասին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.